
«Ժընեւ-2»-ի 2-րդ փուլին նախապատրաստութեան առընթեր կը թէժանայ տարածաշրջանին եւ յատկապէս Սուրիոյ մէջ արմատաւորուած ծայրայեղ կրօնական խմբաւորումներու մաքրազտման օրակարգը: Արեւմուտքը եւ այս պարագային Միացեալ Նահանգները կը թուին խորապէս մտահոգուած ըլլալ այս խմբաւորումներուն վերահսկողութենէ դուրս ըլլալու իրողութեամբ: Կրօնական հանգամանքի շահարկումը, նման պատերազմական իրավիճակներու ընթացքին, եթէ կարճաժամկէտ դրուածքով մարտավարական որոշակի առաւելներ կ՛ապահովէ տուեալ կողմին, ապա երկար գիծի վրայ…















