
Ապատեղեկատուութեան մասին մեր խօսած ատեն, իբրեւ սուրիահայ, անհրաժեշտ կը զգանք նաեւ լուսարձակի տակ առնել Սուրիոյ մասին ընդհանրապէս եւ սուրիահայերու մասին յատկապէս օտար ու հայկական` յատկապէս հայաստանեան կարգ մը լրատուական աղբիւրներու, վերլուծաբաններու եւ արաբագէտերու ապատեղեկատուութիւն տարածելու իրողութիւնը: Սուրիահայ գաղութը` Հալէպ քաղաքով, համասփիւռքեան մեր կառոյցներու այն ինքնատիպ ու աւանդական գաղութն է, որ կազմուեցաւ յետեղեռնեան դժբախտ իրողութեան բերումով:…















