
ՊՈԼԻՍ, «Պի.Պի.Սի.», «Մարմարա».- Երկուշաբթի, Յունիս 3ին, յաջորդական չորրորդ օրն ըլլալով բախումներ տեղի ունեցան թուրք ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան միջեւ, Թուրքիոյ զանազան քաղաքներու, սակայն մասնաւորաբար՝ Պոլսոյ տարբեր շրջաններու մէջ: Հազարաւոր ցուցարարներ Երկուշաբթի օր վերադարձան Պոլսոյ փողոցները՝ շարունակելով Ուրբաթ օրուընէ ի վեր տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերը, որոնց ընթացքին առնուազն 2 զոհ ու հարիւրաւոր վիրաւորներ արձանագրուեցան եւ 1700 հոգի…















