
ՈՒԱՇԻԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ առեւտրական կրկնակի հարկերու առաջքը առնող Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան նոր համաձայնագիր մը գոյացնելու աշխատանքին զուգահեռ, ներկայիս աշխատանք կը տանի նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ այլ համաձայանութիւն մը գոյացնել՝ ընկերային ապահովութեան տուրքի կրկնակի գանձումը կանխարգիլելու նպատակով, ինչ որ նպաստաւոր պիտի ըլլայ յատկապէս ամերիկահայ այն քաղաքացիներուն համար, որոնք կը գործեն կամ հանգստեան…















