
«Լիբանանի մէջ մեր կարողականութիւնն ու իսկակա՛ն ներկայացուցչական հանգամանքը հաստատելու համար՝ պէտք ունինք արտերկրի լիբանանահայութեան զօրակցութեան» Հ.- Պարո՛ն նախարար, ինչո՞ւ յոյժ կարեւոր կը նկատէք արտերկրի լիբանանահայութեան մասնակցութիւնը Լիբանանի Խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Ա.Կ.- Նախ ըսեմ, որ Խորհրդարանական ընտրութիւնները մեզի համար, մանաւանդ այս նոր օրէնքով, շատ կարեւոր են, որովհետեւ առիթը պիտի ստեղծեն մեր թիւին համեմատ երեսփոխաններ ունենալու, այսինքն իսկակա՛ն…















