
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ քոնկրեսականներ Տէյվիտ Վալատաօ եւ Պրետ Շըրմըն սկսած են ստորագրութիւններ հաւաքելու իրենց պաշտօնակիցներէն, որպէսզի կարելի եղած չափով մեծաթիւ մասնակցութեամբ կոչ ընեն Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց, որ անյապաղ բանակցութեան սկսի Հայաստանի հետ, երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի տուրքերուն առնչուող աւելի արդիական համակարգ մը ստեղծելու եւ Հայաստանը կրկնակի հարկումէ զերծ պահելու նպատակով։…















