Շրջանային մամուլ

Սփիւռքը Փորձանօթ Չէ Պարոնայք

Քանի մը շաբաթէն, Սեպտեմբեր 18ին, Երեւանի մէջ պիտի կայանայ Հայաստան ֊ Սփիւռք 6րդ համագումարը։ Մամուլին մէջ ցարդ երեւցած կիսաներբողական լրատուութենէն կ’իմանանք, թէ կ’ակնկալուի «քանի մը հազար» հոգիի մասնակցութիւնը եւ թէ այս համագումարին պիտի քննուի (այսինքն… պիտի յայտարարուի) «համազգային խորհուրդ»ի մը կազմութիւնը։ Այս յօդուածագիրը կ’ուզէ սկիզբէն իսկ յստակացնել, թէ հայրենիքէն դուրս ապրողներու եւ հայաստանածին ու հայաստանաբնակ…

Սփիւռքը քաղաքական առաքելութիւն է

Հ. Յ. Դաշնակցութեան համար Սփիւռքի ներկայ վիճակը մեր ներազգային կեանքի կարեւորագոյն օրակարգերէն է։ Հետեւաբար, Դաշնակցութեան համար Սփիւռքի հզօրացումը ռազմավարական հիմնական հարց է։ Ինչպէս հաստատած է երկու տարի առաջ կայացած Հ.Յ.Դ. 32րդ Ընդհանուր Ժողովը, «Սփիւռքի ամրապնդումն ու հզօրացումը ռազմավարական կարեւոր խնդիր է Հ. Յ. Դաշնակցութեան համար եւ Հայրենիքի անվտանգութեան ու առաջընթացի կարեւոր երաշխիքներէն մէկն է։» Այս…

Ակնարկ. Չփոխել Զուգահեռին Ուղղութիւնը

Մինսքի խմբակի արդէն պաշտօնաթող ամերիկացի համանախագահին կարապի երգ-յայտարարութիւնը, այո ըստ էութեան նոր սկզբունքներ կամ առաջադրանքներ չի փոխանցեր։ Որեւէ համանախագահ ծայրայեղօրէն բծախնդրութիւն ցոյց կու տայ իր երկու միւս գործընկերներուն եւ մանաւանդ ԵԱՀԿ-ի համապատասխան կառոյցներուն Արցախեան հակամարտութեան վերաբերեալ կատարած յայտարարութիւններուն հիմնականօրէն չհակասելու։ Պարզապէս շեշտադրումներու, ըսելաձեւերու փոփոխութիւններ կ՛երեւին անոնցմէ իւրաքանչիւրին կատարած յայտարարութեան մէջ, որոնց վրայ կ՛ազդեն տեղի եւ…

«Հայրենիք»ի խմբագրական. Հրաժեշտի Խօ՞սք Թէ Թութակաբանութիւն

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլընտ Օգոստոս 24-ին պղտոր ջուրի մէջ ձկնորսութիւն կատարելու տպաւորութիւնը ձգեց սեղմ շրջանակի մը մէջ Ուաշինկթըն ներկայացուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին։ Կատարուածը հրաժեշտի խօ՞սք էր, թէ՞ պարզապէս թութակաբանութիւն բուրող հաստատումներու շարք մը: Հոկլընտ իր վերջին ելոյթը կ՚ունենար Մինսքի խմբակի Միացեալ Նահանգներու համանախագահութեան պաշտօնին, տեղեկացնելով թէ յառաջիկայ Երկուշաբթի, Օգոստոս 28-էն սկսեալ,…

Բարձունքներու Ազատագրումը Լիբանանին Ու Լիբանանցիին Յաղթանակն Է

Անցնող օրերուն հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ լիբանանեան բանակին շղթայազերծած պատերազմը արդէն իսկ, յաղթական մարտնչումներով իր լրումին կը հասնի յառաջիկայ օրերուն, յատկապէս Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վրայ: Նախապէս եւ քանի մը օրուան տարբերութեամբ, Արսալի բարձունքները ազատագրուեցան Դիմադրութեան մարտիկներու զոհողութիւններով: Ու եթէ երբեք լիբանանեան ներքին թատերաբեմի քաղաքական դասաւորումները որոշ վերապահութիւններ կը յառաջացնէին Դիմադրութեան յաղթանակին նկատմամբ, լիբանանեան բանակի…

Սոչիից՝ Նախիջեւան. Իսրայէլա-ադրբեջանական սպառնալիք

1- Երէկ Սոչիում Իսրայէլի վարչապետ Նաթանիահուն Պուտինի հետ հանդիպման ողջ ընթացքում, (գրաւոր) յայտարարութիւններով կրկին «արջի եօթ երգերը» յիշեցնող հակաիրան խօսքեր է հնչեցրել…: Իհարկէ, Պուտինի կողմից Նաթանիահուի արտայայտութիւնները անմիջական եւ ուղղակի պատասխանի չեն արժանացել, սակայն հէնց նոյն օրը՝ Նիւ Եօրքում, ՄԱԿ-ի Ռուսաստանեան մշտական ներկայացուցչի միջոցով հետեւեալ պատասխանն է հնչեցւել, ըստ որի՝ «Իրանը Սիրիայում ու առհասարակ տարածաշրջանում…

Ակնարկ. Ամերիկեան Հետեւողականութիւն Դ. (Սիսի Կաթողիկոսական Նստավայրի Հայցը)

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կրօնական ազատութիւններու Թուրքիոյ վերաբերող զեկուցումին մէջ առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յարուցած դատի բաժինը: Այսպէս. նշուած է` «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայցը, որ կը պահանջէ վերադարձնել 1915 թուականին ապօրինի կերպով գրաւուած Սիսի կաթողիկոսական նստավայրը: 2016 յունիսին Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը մերժած էր հայցը` ընթացակարգային պատճառներով, սակայն, դեկտեմբերին, հայցուորը դիմած…

Ակնարկ. Ամերիկեան Հետեւողականութիւն Գ. (Պոլսահայութեան Ընկալումը)

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան զեկուցումը Պոլսոյ պատրիարքութեան առնչութեամբ կը յայտնէ, որ պետութիւնը կը փորձէ միջամտել ընտրութիւններուն: Հաստատումը անշուշտ բացասական շեշտ ունի, հետեւաբար նաեւ քննադատական: Անգարայի իշխանութիւններուն միջամտութիւններուն դէմ բողոքող պոլսահայ շրջանակները սակայն, անպայման դրական չեն ընկալած Ուաշինկթընի կատարած պաշտօնական այս յայտարարութիւնները: Պարզ ձեւով անոնց խօսափողներէն համարուող «Ակօս»-ի խմբագիրը, օրինակ, շատ սառն տրամաբանութեամբ առողջ մեկնաբանութիւն…

Ակնարկ. Ամերիկեան Հետեւողականութիւն Բ. (Ընդհանուր Դիտարկումներ)

Հետեւողականութիւն բառը այս պարագային հակաքաղաքագիտական կամ զուտ բարոյական առումով պէտք չէ ընկալել: Պարզ է, որ հետեւողականութիւնը քաղաքական գործընթացներու մէջ սկզբունք չէ եւ շատ արագ կրնայ շեղումներու ենթարկուիլ եւ հուն փոխել: Այստեղ խնդիրը առաւելաբար կը վերաբերի ամերիկեան վարքագիծի մը, որ սերտօրէն կապուած է անոր արտաքին քաղաքականութեան` Թուրքիոյ նկատմամբ արձանագրուող ուղղութեան հետ: Ինչպէս մարդկային իրաւունքները, այնպէս նաեւ…

«Հայրենիք»ի Խմբագրական. Ո՛չ Ստրկութեան, Ո՛չ Ազգայնամոլութեան Եւ …Ո՛չ Խեղկատակութեան

Նոյնքան ահաւոր եւ աններելի էին Սպիտակ Տան վարձակալ Տոնըլտ Թրամփի յայտարարութիւններն ու արտայայտութիւնները՝ Օգոստոս 12-ին Չարլոցվիլի (Վըրճինիա) մէջ պատահած խռովութիւններուն մասին, որքան նոյնինքն դէպքերուն իրադարձութիւնները: Քանի մը օրերու, գէթ նոյնիսկ քանի մը ժամերու ընթացքին, նախագահ Թրամփ կատարեց հակասական եւ հակադրական յայտարարութիւններ, գլխապտոյտ յառաջացնելով դէպքերու իրադարձութիւններուն հետ քայլ պահող տեղւոյն քաղաքացիին մօտ: Չարլոցվիլի բնակիչին համար յստակ…