
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը, թէ Թուրքիան մեծ դեր ունի սուրիական տագնապի լուծման հարցին մէջ, անպայման Անգարայի դերակատարութիւնը տագնապի հանգուցալուծման մէջ դրականօրէն չ՛երանգաւորեր: Նախ պարզ այն պատճառով, որ յայտարարութիւնը ունի երկրորդ բաժին, որ կ՛ակնարկէ թուրք-ամերիկեան այսօրուան լարուած յարաբերութիւններուն: Ընդգծուած լարուածութեան պատճառներուն մասին չի խօսիր Թիլըրսըն: Քաղաքագիտական յատուկ հմտութեան անհրաժեշտութիւնը չի զգացուիր ենթադրելու համար, թէ…















