
Լիբանանեան բանակը կը նախապատրաստուի Արսալի ճակատամարտին: Որոշ ժամանակէ ի վեր արդէն Լիբանանի զինեալ ուժերը բազմաթիւ յաջող գործողութիւններով կը շարունակեն կանխարգիլել ահաբեկչութեան թափանցումը Լիբանան: Տարածաշրջանի զինուորական իրադարձութիւնները կը յուշեն, որ երբ սահմանները թափանցելի դառնան, երբ ոտնձգութիւնները շատնան, ահաբեկիչներու ելումուտը հեզասահ կը դառնայ եւ իրողապէս խնդրոյ առարկայ կը դառնայ որեւէ երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը: Սահմաններու անսասանութիւնը երկրի գերիշխանութեան…












