Շրջանային մամուլ

«Լիբանանահայութեան Համեստ Դասակարգին Զաւակներէն Եմ Եւ Պիտի Ծառայեմ Բոլոր Քաղաքացիներուն» Շեշտեց Ա. Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան լիբանանեան տարբեր լրատուամիջոցներուն հետ երէկ ունեցաւ շարք մը հարցազրոյցներ, որոնց ընթացքին շեշտեց, որ աշխատանքային առումով ինք կը գործէ «Ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին համար» կարգախօսով: Ան դիտել տուաւ, որ իրեն համար զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը մարտահրաւէր մըն է` աւելցնելով, որ ինք ունի աշխատանքային ծրագիր մը` գրաւելու համար օտար եւ յատկապէս Ծոցի երկիրներու զբօսաշրջիկներուն ուշադրութիւնը: Կիտանեան…

Նշւեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 126-ամեակը

«ԱԼԻՔ», Կ. Դ. – Դեկտեմբերի 15-ին Հ. Մ. «Արարատ» Կ.-ի «Կոմիտաս» սրահում, նշւեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրման 126-ամեակը: «Մշակ բանւոր» քայլերգով մեկնարկած միջոցառմանը ցուցադրւեց փաստա-վաւերագրական տեսաֆիլմ, ուր ներկայացւած էր ՀՅԴ անցած 126 տարիների վերիվայրումներով լի ուղին՝ սկսած 1890 թւականից մինչեւ Արցախեան ազատագրական շարժում: Միջոցառմանը ելոյթ ունեցաւ «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչ Հենրիկ Խալոյեանը: Օրւայ բանախօս էր հրաւիրւած…

ՀՅԴ 126-Ամեակի Արժանավայել Նշում Հոլանտայի Մէջ

Իւրաքանչիւր տարեվերջի աւանդութիւն դարձած է հրապարակային նշում կատարել Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան տարեդարձին առիթով` տարբեր գաղութներու, Արցախի եւ Հայաստանի մէջ: Բնականաբար յարաբերաբար նոր գաղութները եւս անմասն չեն մնար այս աւանդութենէն: Վկա՛յ Հոլանտայի հայ գաղութը, որ սրընթաց կերպով կ՛աճի, կը բազմանայ ու ինքնաբերաբար ուժեղ պահանջ կը զգայ կազմակերպուելու եւ արդէն իսկ հետզհետէ կը կազմակերպուի լրջօրէն, ոչ միայն…

Հոլանտան` Իրաւաքաղաքական Թիրախային Միջավայր

Շահան Գանտահարեանի Խօսքը ՀՅԴ 126-Ամեակին Առիթով Տասնամեակներ շարունակ մեր տօնը նշուած է ընդհանրապէս պատմութեան մէջ հայ ազգային ազատագրական շարժման առաջնորդ կուսակցութեան իրագործած հիմնական պատմակերտ դէպքերու նշումով, դաւանած գաղափարաբարոյական արժէքներու ընդգծումով, եւ ապա` ժամանակակից համազգային խնդիրներու լուսաբանումով: Հետզհետէ հասնելով այսօր Դաշնակցութեան օրը առիթ է ներկայանալու հանրութեան եւ ներկայացնելու հայկական աշխարհի ամենանորագոյն իրադարձութիւններուն առնչութեամբ մեր կուսակցութեան որդեգրած…

Լեւոն Տէր Պետրոսեան` ի բերանոյ քումմէ

Տխուր փորձառութիւն էր հետեւիլ Հայ Ազգային Կոնգրէսի (ՀԱԿ) 2-րդ Համագումարին վերանկախացած Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի Դեկտեմբեր 17-ի ելոյթին։ Տխուր եւ միաժամանակ ցաւալի էր։ Մեր առջեւ պարզուեցաւ քաղաքական առաջնորդ մը, որ ճիգ չէր խնայեր ինքզինք ներկայացնելու իբրեւ պարտուողականութեան գաղափարակիր։ Իրեն յատուկ յոխորտանքով կը կատարէր ան իր պարտուողականութեան թէզին ներկայացումը։ Իրեն յատուկ մեծամտութեամբ կը յաւակնէր…

Արա Տեմիրճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով .- Սրտի Խօսք

Իր մէջ կար պիրկ, խտացեալ, հազուադէպօրէն բառերու վերածուող գաղափարը, որ այնուամենայնիւ կ՛արտայայտուէր դաշնակցական մարդու յատուկ իր խստակեցութեամբ: Անոր օրը կ՛անցնէր մեր ուխտի հնոցին մէջ, ուր թէժ իրականութիւնն է, եւ ուր խօսքերը կը կշռեն ծանր: Իր ստանձնած պատասխանատուութիւններուն բերումով, Արան անցած էր մեր կեանքի բոլոր տեղաշարժներէն, դիմագրաւած` հարցականները, դիմացած` ժամանակի տարերային փլուզումներուն: Եւ քանի որ մեր…

Քալիֆորնիոյ Հայութեան Ներքին Դրուածքը (ԽՆԴԻՐՆԵՐ ԵՒ ԼՈՒԾՄԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ)Բ.

Մեր նախորդ յօդուածով անդրադարձանք այն փաստին, որ Քալիֆորնիոյ հայութիւնը կը կազմէ մեծ խճանկար մը՝ բազմաթիւ երկիրներէ եկած հայերու: Նաեւ ըսած էինք, թէ իւրաքանչիւր խումբ իր հետ բերած է տուեալ երկրի ազդեցութիւնները, մտածողութեան, նիստուկացի, լեզուական, մշակութային եւ կենցաղային բնագաւառներէ ներս: Հիմա անցնինք իւրաքանչիւր խմբաւորումի՝ առանձին առանձին: Առաջին հերթին սկսինք Հայաստանէն եկածներով, որոնց մասին կայ այն թիւր…

«Հալէպի Ազատագրումը Զինեալ Գրոհայիններէն Մեծ Խանդավառութիւն Ու Հոգեկան Անդորրութիւն Ստեղծեց Բոլորին Մէջ»

«Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Զարմիկ Պողիկեան Հալէպը ազատագրուած է, հոն ապրող հալէպահայութիւնը որոշ չափով հանգիստ է, որովհետեւ ռմբակոծումներն ու ամէն վայրկեան մահուան սպառնալիքը հեռու են արդէն: Հալէպի մէջ տիրող վիճակին, հալէպահայերուն տրամադրութեան եւ գետնի վրայ առկայ կացութեան մօտէն ծանօթանալու եւ հաւաստի աղբիւրէ տեղեկութիւններ քաղելու նպատակով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ «Գանձասար» թերթի խմբագիր Զարմիկ Պողիկեանի հետ: «ԱԶԴԱԿ».- Արդէն…

Աւետիս Ահարոնեանի Ծննդեան 150-Ամեակին Նուիրուած Միջազգային Գիտաժողով

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի նախաձեռնութեամբ 15 դեկտեմբերին պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժանմունքի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է գրող, ազգային-պետական գործիչ Աւետիս Ահարոնեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողով: Բացման խօսքով հանդէս եկած են Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական…

«Հայրենիք»ի Խմբագրական. Համպուրկեան համախոհութի՞ւն

Համպուրկի մէջ, Դեկտեմբեր 8-ին կատարուած՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու վեհաժողովը, սպասուածին նման ոչ մէկ յիշատակելի յառաջխաղացք կամ փոփոխութիւն արձանագրեց Արցախի հիմնահարցի առնչութեամբ: Բնականաբար այս անփոփոխ կացութիւնն ու ստեղծուած իրավիճակը, երբեք գոհ չպահեց ազերի կողմը, որ ամէն գնով պայքար կը տանի քաղաքական բեմահարթակներէն ներս, հողատարածքի պահանջներ առաջադրելով: Անգամ մը եւս լուսարձակի տակ առնելով Ապրիլեան քառօրեայ…