Շրջանային մամուլ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 126-ամեակը նշուեցաւ Մոնթրէալի մէջ

Կիրակի, 11 Դեկտեմբեր 2016–ին, երեկոյեան ժամը 7:00–ին Մոնթրէալի Ս. Յակոբ ազգային վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 126-ամեակի տօնակատարութիւնը: Հ.Մ.Ը.Մ-ի շեփորախումբին եւ սկաուտներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն եւ Հայաստանի ու Հ.Յ. Դաշնակցութեան քայլերգներու ունկնդրութիւն։ Օրուան հանդիսավար ընկ. Գաբօ Սոմունճեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս կանգնիլ՝ յարգելու յիշատակը Հ.Յ. Դաշնակցութեան բոլոր հանգուցեալ…

Դաշնակցութեան մէջ «Լենին» ներ փնտռելու հակադաշնակցական բթամտութիւնը

«Դաշնակցութիւնը չէ ունեցած եւ չունի առանձին պարագլուխներ եւ չի հանդուրժեր անոնց: Հիթլերներն ու Լենինները բացակայած են անոր մէջ:» Ռուբէն Տէր Մինասեան Յաճախ կը հանդիպինք հայ մարդոց, որոնց մօտ բանականութիւնը բթամտութեան կը վերածուի երբ հարցը վերաբերի Հ. Յ. Դաշնակցութեան։ Այս հարցերու շարքին, օրինակ, նման մարդիկ կը դրսեւորէն եւ կը պնդեն այն թիւր տեսկէտը, թէ Դաշնակցութիւնը ունի…

Հալէպը Ազատագրուած Է

Երկուշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2016-ին սուրիական պետական պաշտօնական աղբիւրներ հաստատեցին Հալէպ քաղաքի ամբողջական ազատագրումը։ Ժողովուրդը ցնծութեամբ կը տօնէ բազմաչարչար Հալէպի ազատագրումը։ Հալէպի յաղթանակը։ Հալէպի եւ ողջ Սուրիոյ համար պատմական օր է այսօր։ Յարգա՜նք բոլոր նահատակներուն։ Պատիւ սուրիական բանակին ու Հալէպի տոկացող ժողովուրդին։ kantsasar.com

Հալէպը Ամբողջական Ազատագրման Սեմին Է

ՀԱԼԷՊ.- «Գանձասար»ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան կը յայտնէ, թէ սուրիական բանակը, իր դաշնակիցներուն օժանդակութեամբ, մինչեւ օրս արդէն իսկ ազատագրած է Հալէպ քաղաքի 98 առ հարիւրը: Մարտերը տակաւին կը շարունակուին: Յառաջիկայ ժամերուն կը նախատեսուի քաղաքի ամբողջական ազատագրումը զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներէն: Ապահովական առումով, քաղաքին մէջ բաւական բարելաւում արձանագրուած է: Նախորդ օրերուն, թէեւ զինեալներ կը շարունակէին իրենց վերահսկողութեան տակ…

Ու՜ր Կ՚ երթայ Սփիւռքը

Հայկական Սփիւռքը միաձոյլ եւ մէկ ամբողջութիւն չէ եղած եւ չի կրնար ըլլալ։ Ենթակայ ըլլալով տուեալ երկրի շրջապատէն պարտադրուած իրավիճակներու, Սփիւռքի իւրաքանչիւր գաղթօճախ զարգացուցած է իր սեփական նկարագրային եւ ոճային յատկութիւնները։ Այս կացութիւնը, անշուշտ, արդիւնք է բնական հոլովոյթի, որ անխուսափելի է որեւէ հայկական գաղութի պարագային։ Սակայն իր նպատակային կեցութեան մէջ Հայկական Սփիւռքը զարգացուցած է միաձոյլ եւ…

Քալիֆորնիոյ Հայութեան Ներքին Դրուածքը (ԽՆԴԻՐՆԵՐ ԵՒ ԼՈՒԾՄԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ) Ա.

Բաւական ընդարձակ նիւթ մըն է (աւելի ճիշդ՝ թղթածրար), որուն կ՛ուզենք անդրադառնալ մեր ներկայ յօդուածաշարքով: Ընդարձակ է, որովհետեւ ունի բազմաթիւ ծալքեր, որոնք պէտք է բացուին, անաչառօրէն քննուին, բանավէճի նիւթ դառնան խորհրդաժողովներու ճամբով եւ ի հարկին՝ հրապարակային ձեւով, որպէսզի կարենանք ամէնէն ճշգրիտ լուծումներուն յանգիլ, մանաւանդ վարքագծային իմաստով: Բացայայտ իրողութիւն է, որ Քալիֆորնիա հաստատուած հայութիւնը Հայաստանէն դուրս ապրող…

Հալէպահայութիւնը Յարատեւ Յանձնառութեամբ, Փառաշուք Տօնախմբութեամբ Նշեց ՀՅԴ 126-Ամեակը

126 տարի «Յարատեւ Յանձնառութեամբ» կարգախօսով, տագնապահար, բայց պայքարունակ հալէպահայութիւնը կուռ շարքերով նշեց ՀՅԴ 126-ամեակը՝ իր յարգանքի տուրքը մատուցելով ժողովուրդէն ծնած ու ժողովուրդին ծառայութեան նուիրուած այն կուսակցութեան, որ հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարին, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու հզօրացման, Հայ Դատին ու սփիւռքահայ գաղութներու գոյապայքարի նկրտումներուն մէջ հաւատարմօրէն մնաց պատնէշի վրայ՝ ժողովուրդին պահանջներուն անսալու գիտակցութեամբ ու համահայկական շահերու…

Վերականգնո՛ղ Հալէպ

Քանի օրէ ի վեր կը հետեւինք սուրիական բանակին եւ անոր դաշնակիցներուն արագ յառաջընթացին, որուն իբրեւ արդիւնք՝ Հալէպը գրեթէ ամբողջովին ազատագրուեցաւ եւ շուտով «ապահով քաղաք» դառնալու կը պատրաստուի: Ազատագրուած եւ արդէն իսկ ապահով շրջաններէն հասած լուսանկարները աւերին միայն մէկ մասը կը փոխանցեն: Փլած ամէն մէկ շէնք քանի՜ ընտանիքներու ողբերգութիւնը կը փոխանցէ… Ընտանիքներ, որոնք, Աստուա՜ծ գիտէ, այսօր…

Իրանի դեմ պատժամիջոցների չեղարկումից հետո Հայաստանին առանձնահատուկ գործընկերոջ դեր է վերապահվում

Իրանի Մեջլիսի հայազգի պատգամավոր Կարեն Խանլարյանի կարծիքով՝ զարգացման բավականին լուրջ հեռանկարներ կան հետբանակցային Իրանի և Հայաստանի միջև: Tert.am-ի հետ զրույցում նա ասաց. «Այն համաձայնությունները, որ Իրանն ունեցավ Արևմուտքի հետ, բավականին լուրջ հեռանկարներ են բացում Իրանի համար, և այդ համատեքստում Հայաստանի համար բավականին լուրջ փոփոխություններ են սպասվում»: Անդրադառնալով Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի պաշտոնական այցին Հայաստան և…

Ուաշինթընի Մէջ՝ Ամերիկայի Արեւելեան Շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբի Մեծարանքի Տարեկան Հանդիսութիւնը

Շաբաթ, 3 Դեկտեմբերին, Ուաշինկթընի Արլինկթըն շրջանի շքեղ «Ուեսթին» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած մեծարանքի հանդիսութիւնը: Իւրայատուկ էր այս տարուան ձեռնարկը, որովհետեւ կը նշէր իր տասնամեակը: Այդ պատճառով որոշուած էր զայն կայացնել մայրաքաղաքին մէջ: Ներկայ էին Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց դեսպաններ Գրիգոր Յովհաննիսեան եւ Գրիգոր Աւետիսեան: Օրուան հանդիսավարն էր…