
Արցախի անկախ պետականութեան 25-ամեակը վճռական հանգրուան մը պէտք է ըլլայ Արցախի հարցի կարգաւորման միջազգային բանակցութիւններու ապագայ ընթացքը ճշտելու տեսակէտէն։ Այսօր հրապարակուած Հ.Յ.Դաշնակցութեան յայտարարութիւնը յստակօրէն կը սահմանէ կարգաւորման սկզբունքները և կը գծէ ճանապարհը, որմով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խումբի Համանախագհներու գլխաւորած բանակցային գործընթացը կրնայ յաջողութեամբ պսակուիլ և տարածաշրջանը առաջնորդել խաղաղ և արդիւնաւէտ համակեցութեան ի շահ բոլոր շահագրգռուած կողմերուն։…















