Շրջանային մամուլ

Դատապարտումի Հեռագիր` Գերմանիոյ Պետութեան

Միւնիխի մէջ պատահած ոճիրին առիթով` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին անունով, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շաբաթ օր Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Հութի ճամբով դատապարտումի հեռագիր մը յղեց Գերմանիոյ պետութեան` դատապարտելով ոճրային քստմնելի արարքը, միաժամանակ ցաւակցութիւն յայտնելով զոհերու ընտանիքներուն: Նմանօրինակ դատապարտագիր մը յղուեցաւ նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին կողմէ: aztagdaily.com

Էրեբունին Եւ Արցախեան Բանակցութիւնները

Էրեբունիի գործողութիւնը կարելի է որոշ առումով աւարտած նկատել.պատանդները ազատ արձակուած են։ Հետզհետէ պարզ կը դառնայ թէ ի՞նչ երաշխիքներու հիման վրայ կայացած է ազատ արձակումը կամ բանակցութիւնները առաւելաբար ի՞նչ կէտերու վրայ կեդրոնացած են։ Հետեւեալ լրատուութիւնը իր վրայ վերլուծումներու որոշ լուսարձակներ կը բանայ.- «Երեւանեան վերջին իրադաձութիւնները ՊՊԾ գունդի գրաւման համատեքստի մէջ միտուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման…

Ակնարկ. Որեւէ

Արցախեան հիմնախնդիրի կարգաւորման Թուրքիոյ կամ որեւէ այլ պետութեան միանալը կախուած է բանակցային գործընթացին մէջ այդ երկրի կառուցողական ներդրումէն: Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա: Նախ յայտարարութիւնը` իր բնագրային մէջբերումով: «Ինչ կը վերաբերի արցախեան հակամարտութեան, ինչպէս նաեւ որեւէ այլ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման կամ բանակցային գործընթացին, ապա խօսքը կրնայ վերաբերիլ ոչ…

Ո՞վ Եւ Ի՞նչն Է Վնասուողը

Ամիսներ առաջ, Հայաստանի մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու գործընթացի օրերուն, երբ Երեւան ապրող ընկերոջս Գէորգին հետ հեռաձայնով կը քննարկէինք օրուան խնդիրը, մտահոգիչ հարցում մը ծագեցաւ մեր միտքերուն մէջ: Անկեղծօրէն, օրին այս յօդուածագիրին համար քիչ մը անհաւատալի, կամ առնուազն՝ ոչ ընկալելի էր այդ հարցադրումը («կ՛ըլլա՞յ մը…»), որ հետեւեալն էր. արտաքին ուժերը պիտի ուզե՞ն այս բարեփոխուած սահմանադրութեան վրայ կառուցուելիք…

Նա դեռ շատ գործ ուներ անելու

Տեղի ունեցավ Վարուժան Կոնդակչյանի հոգեհանգստի արարողությունը Հուլիսի 22 -ին Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսավորիչ եկեղեցում կատարվեց հոգեհանգստի կարգ՝ ազգային, հասարակական գործիչ, բարերար Վարուժան Կոնդակչյանի հոգու խաղաղության համար: Ներկա էին բազմաթիվ քաղաքական, հասարակական գործիչներ, մշակույթի գործիչներ, արվեստագետներ: ԱԺ ՀՅԴ խմբակցության ղեկավար Արմեն Ռուստամյանը, խոսելով Վարուժան Կոնդակչյանի մասին, նշեց, որ մեծ է նրան ճանաչողների կորուստը, քանի որ նա…

Դաշնակցութեան Կեցուածքը Միշտ Եղած Է Այն, Որ Երկրին Մէջ Պէտք Չէ Ցնցում Յառաջացնել

«Վանայ Ձայն»-ին Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան երէկ` 20 յուլիսին «Վանայ ձայն»-ին հետ ունեցած կարճ զրոյցին ընթացքին ներկայացուց 17 յուլիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած դէպքը, անոր տուն տուող պատճառները եւ անոր լոյսին տակ տիրող ներկայի վիճակը: Անդրադառնալով ստեղծուած կացութեան եւ տեղի ունեցող զարգացումներուն…

Ակնարկ. Չխանգարել Բանակցութիւնները

Դրական պէտք է ընկալել երկկողմանիօրէն` իրաւապահ մարմիններու եւ զինեալ գործողութիւնը իրականացնողներու դրութիւնը: Երեւոյթը պէտք չէ վերագրել անպայման կապի խզումին, նոր դաւադրութիւններու մշակման կամ գործողութեան վերջ տալու նպատակով նախապատրաստուող յարձակման: Ոչ ալ` հիւծել-յանկարծակիօրէն գրոհել տարբերակին: Երբ համեմատաբար լուռ են կողմերը, կը նշանակէ, որ բանակցութիւններ կան, իսկ այդ բանակցութիւններուն փակագիծերը չեն բացուիր, որովհետեւ մարդոց ճակատագիրը խնդրոյ առարկայ…

Ակնարկ. Էրտողանի Սլաքները

Թուրքիոյ մէջ զինուորական չկայացած յեղաշրջումի ուղղութեամբ վաղ է հետեւութիւններ ընելը: Անշուշտ կան բազմաթիւ դիտարկումներ, վերլուծումներ եւ տարատեսակ մեկնաբանութիւններ, սկսած` բեմականացուած յեղաշրջման տարբերակէն, որուն նպատակը նախագահ Էրտողանի տիրական հաստատումն ու կայացումն է, վերջացած Թուրքիոյ մասնատումը առաջադրող հեռակառավարուող քաոսացման քաղաքականութեամբ: Հայկական կողմը, պաշտօնական հանգամանքները նկատի ունենալով, թէ՛ պետական, եւ թէ հասարակական առումներով զսպուածութեամբ ու երբեմն կրաւորականութեամբ մեղադրուող…

Այսօրը

Հայկական այսօրը տխուր պատկեր մը կը ներկայացնէ, որովհետեւ կը պատահի աներեւակայելին: Կը պատահի այն, որ Արցախի բանակցութիւններու ըստ երեւոյթին ամենէն ճակատագրական հանգրուանին ոմանք իրենց ընթացքով կը յաջողին հայկական ներքին կեանքը աննախընթաց կերպով պառակտել: Յանձաւորներ մատնանշելու համար չէ, որ ցաւով կը գրենք այս քանի մը տողերը: Ատիկա աւելի ուշ ընելը թէ՛ աւելի խելացի է, թէ աւելի…

Ակնարկ. Բացառե՛լ Ցնցումը

Երեւանի մէջ արձանագրուող իրադարձութիւնները կը մտահոգեն բոլորս: Համահայկական լուսարձակներու տակ են գրաւուած ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքը, գրաւողները, պատանդները, զոհի պարագան, վիրաւորները, պահանջները, պաշտօնական հաղորդագրութիւնները, ընթացող-չընթացող բանակցութիւնները: Մէկ կողմէ կան իրաւապահ եւ անվտանգութեան համապատասխան մարմիններու պաշտօնական հաղորդագրութիւններն ու անոնց ընկերացող կոչերը` սնուելու միայն պաշտօնական լրահոսէն, անուղղակիօրէն ապատեղեկատուութեամբ չնպաստելու համար վտանգաւոր կացութիւններու ստեղծման: Միւս կողմէ` ժողովուրդը…