
Հաստատուած է արդէն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպումը կը կայանայ 20 յունիսին, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ: Ըստ հրապարակուած լրատուութիւններուն, հանդիպման կը նախորդէ Ռուսիոյ նախագահին առանձնազրոյցը` երկու նախագահներուն հետ: Եթէ նկատի ունենանք Վիեննայէն Ս. Փեթերսպուրկի միջեւ ժամանակահատուածին կարճատեւ ըլլալը եւ հանդիպման վայրը, որոշ մտածումներու կ՛առաջնորդուինք հարցի հետապնդման ուղղութեան վրայ գերմիջնորդ պետութեան ստանձնած դերակատարութեան գնահատական…















