
Ապրիլեան 101-ամեակի Բացառիկի Խմբագրական Կանուխ նշուեցաւ 101-ամեակը: Կարիք չկար սպասելու Ապրիլ 23-24-ին: Արդարեւ, հազիւ Ապրիլ ամիսը սկսած, չորսօրեայ պատերազմ մը՝ Արցախի մէջ բաւարար եղաւ հայորդիին սաստելու թէ 101 տարի ետք, միեւնոյն ոճով կը շարունակուի Ցեղասպանութիւնը՝ ՀԱՅԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ: Թող չփորձուին արեւմտեան «էսթապլիշմընթ»էն թրծուած նորելուկ պատմաբաններ եւ քաղաքագէտներ անտեղի վիճաբանութիւններ կատարել թէ Ապրիլ 2-էն 5, 2016-ի պատահածները Արցախի…















