
(ԱՅՍ ԱՆԳԱՄ… ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՀԱՐՑՈՎ) Համաշխարհային տպագիր, եթերային եւ էլեկտրոնիք մամուլը կը յորդի Պրիւքսելի վերջին ոճրային դէպքերուն մասին տեղեկութիւններով, վերլուծումներով եւ «վերլուծումներով»: Կան երկու ուշագրաւ արարներ, զորս անհրաժեշտ է քով-քովի բերել, որպէսզի պատկերը աւելի յստականայ: Արար առաջին: Դէպքէն մէկ օր ետք, հետեւեալ ուշագրաւ լուրը հաղորդուեցաւ. ուրեմն, ոճրային արարքի ենթադրեալ հեղինակներէն մէկը, Իպրահիմ Պահրաուի անունով, ամիսներ առաջ…















