
Կազայի մէջ արձանագրուած սպանդը անկասկած արժանի է միջազգային դատապարտանքի։ Կոչեր, յայտարարութիւններ, պատգամներ այս պարագային որեւէ հիմնական նշանակութիւն չեն ունենար, երբ բացայայտ պատերազմ յայտարարուած է ժողովուրդին դէմ, երբ տուժողն ու սպաննուողը անզէն բնակչութիւնն է՝ կիներ, երեխաներ, տարեցներ։ Այս մէկը առաջին դէպքը չէ, երբ Իսրայէլ զինուորական գործողութիւններու հունաւորումը կ՛ուղղէ դէպի բնակչութիւն։ Ի վերջոյ պատերազմը եւս ունի իր…















