
Ապրիլ 24, 2014-ին, Թորոնթոյէն, Գէմպրիճէն, Լաւալէն, Մոնթրէալէն, Համիլթընէն, Սէնթ Գաթրինզէն եւ այլ վայրերէ Օթթաուա ժամանեցին 2000 հայորդիներ եւ Գանատայի խորհրդարանին առջեւ միասնաբար վերանորոգեցին պահանջատիրութեան իրենց ուխտը: Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած ժողովրդային հաւաք-քայլարշաւը այս տարի կրէր տարբեր բնոյթ: Արդարեւ, Օթթաուայի ոստիկանութիւնը, այս տարի թրքական համայնքի ներկայացուցիչներուն արտօնագիր տուած էր, որպէսզի անոնք Գանատայի Խորհրդարանին դիմաց…















