
Թեսաղոնիկէէն Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի քառանդամ պատուիրակութիւն մը Քաթերինի քաղաքը այցելեց անցեալ Շաբաթ 12 Ապրիլի երեկոյեան, ներկայ գտնուելու համար Պոնտոսի յոյներու կողմէ կազմակերպուած քաղաքական ձեռնարկին, որ նուիրուած էր հելլէն խորհրդարանի կողմէ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան ճանաչման քսանամեակին: Կարեւոր այս ձեռնարկի բանախօսներն էին Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան դէմ պայքարող Սայիթ Չեթինօղլու եւ փրոֆ. Թէոֆանիս Մալքիտիս, որոնք յանդուգն…














