
Մաքսային միութեան միանալու որոշումը առնելէ ետք, որքա՛ն ալ Հայաստան փորձէ շարունակել հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարել, որքա՛ն ալ փորձէ արեւմուտքը սիրաշահիլ, պիտի չկարենայ, լաւագոյն պարագային՝ մեծ դժուարութեան առջեւ պիտի գտնէ ինքզինք՝ սեփական, միայն սեփական շահերու վրայ հիմնուած վարքագիծով շարժելով: Խրիմի իրադարձութեանց հանդէպ պաշտօնական դիրքորոշման ընթացքին, Հայաստանի իշխանութիւնները ցաւագնօրէն այս իրականութիւնը դիմագրաւեցին. քաղաքական բազմակողմանի քննարկումներու, գնահատումներու, վերլուծումներու անհրաժեշտութիւնը…















