
Նոյեմբեր 15-ին, Մոնթրէալի Լէ Քրիսթալ ընդունելութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նուիրահաւաքը, որուն ներկայ գտնուեցան աւելի քան 200 Հայ Դատի զօրակիցներ։ Օրուան հանդիսավար Լոռի Ապրաքեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործունէութեան անցեալի եւ ներկայի գործունէութեան զեկոյցն ու յառաջիկայ տարիներու աշխատանքներու ընդհանուր ծիրը համապարփակ ձեւով ներկայացուց յանձնախումբի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան,…















