
ԵՐԵՒԱՆ, «Հայերն Այսօր».– 21 Օգոստոսին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունած է Յունաստանի «Ազատ Օր» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հռիփսիմէ Յարութիւնեանը: Ողջունելով հիւրը՝ նախարարը կարեւոր նկատած է «Ազատ Օր»ի գործունէութիւնը Յունաստանի մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման իմաստով: Յունաստանի մէջ հայկական մամուլին միջոցով մայրենի լեզուի անաղարտութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման աշխատանքներուն մէջ ունեցած նշանակալի ծառայութիւններուն համար…















