
ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէութեան քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ` համշէնահայութեան նուիրուած «Հայեր… Անոնք ալ հայ են» խորագիրով ձեռնարկին իբրեւ օրուան պատգամախօս, Հայաստանէն հրաւիրուեցաւ «Արեւմտահայաստանի եւ Արեւմտահայոց ուսումնասիրութեան կեդրոն»-ի տնօրէն Հայկազ Ալվրցեան: Անոր Լիբանան կեցութիւնը` 1-8 մայիս, առիթ ստեղծեց, որ կեդրոնական ձեռնարկին առընթեր կազմակերպուին շարք մը հանդիպումներ եւ զրոյցի երեկոներ, զորս կը թուենք ստորեւ: Հինգշաբթի, 2 մայիս 2013-ին` հարցազրոյց…















