
Նախորդ շաբաթ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի մեկնաբանութիւնները բաւական վիճաբանութիւններ յարուցեցին, երբ, ինչպէս կը հաղորդուի, Փետրուար 5ին Երեւանի մէջ իր նախընտական արշաւին ընթացքին ան յայտարարեց, թէ «Ցեղասպանութիւն» եւ «Եղեռն» բառերը հոմանիշ են: Ան վստահեցուց, որ նախագահ Օպամա առանց «Ցեղասպանութիւն» բառը արտասանելու արդէն «ամէն ին»չ ըսած է։ Հայաստանի նախագահը կ՛ակնարկէր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Օպամայի կողմէ «Ցեղասպանութիւն» եզրին…














