
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի արտասանած ճառին (6 Յունուար 2013) մասին կատարուած քաղաքական մեկնաբանութիւններուն շրջագիծին մէջ, «Սաֆիր» օրաթերթի յօդուածագիր Սամի Քլէյպ կը գրէ.- Եթէ Ասատի այս ճառը միացնենք Հըզպալլայի ղեկավար Հասան Նասրալլայի քանի մը օր առաջ արտասանուած ճառին, ապա ի յայտ կուգայ թէ այն առանցքը որուն կը պատկանին այս երկու անձնաւորութիւնները, որոշած են անցնիլ հակայարձակումի փուլին։…













