
Սփիւռքի նախարարութեան կայքէջին վրայ 22 Հոկտեմբերին տեղադրուած է կոչ-յայտարարութիւն մը, որուն առաջին բաժինը եթէ անխառն ուրախութիւն կը պատճառէ, աւելի վար տեղ գտած արտայայտութիւն մը անխառն զայրոյթի ու ընդվզումի աղբիւր է։ Կոչը կ՛ըսէ, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանի առաջարկով, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի հոգաբարձու խորհուրդի նախագահութիւնը որոշած է ձեռնարկել Սուրիոյ տագնապահար հայութեան նպաստի հանգանակութեան, այդ նպատակով բացած է…














