
Հզօր Լիբանան համախմբումի դռնփակ հանդիպումի պաշտօնական մեկնարկը կատարուեցաւ երէկ առաւօտեան, Զահլէի «Քատիրի» պանդոկին մէջ` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի եւ մասնակցութեամբ համախմբումը բաղկացնող բոլոր ուժերուն, որոնց շարքին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամներ Յակոբ Թերզեանի եւ Ալեքսանտր Մաթոսեանի: Համախմբումի նախագահ Պասիլ շեշտեց, որ համախմբումին…















