
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, Տահրանի մէջ գումարուած Արաբական լիկայի վեհաժողովին եւ տարբեր պատասխանատուներու հետ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տնտեսական օժանդակութեան նպատակով տեղի ունեցած «Սետր»-ի միջազգային խորհրդաժողովին վերաբերող մանրամասնութիւններն ու անոր յաջորդելիք քայլերը: Հանդիպումէն…















