
Փետրուարի աւարտին, երկու այլ թուականներ աւելցած են այդ ամսուան արդէն իսկ դարուս հայոց պատմութեան անկիւնադարձային եւ յիշատակելի օրերուն վրայ: Երկու թուականներն ալ կ՚առնչուին Արցախի վերածննդեան պայքարի օրերուն: Թուական կարգով առաջինը Սումկայիթի ջարդն է, որ տեղի ունեցաւ Փետրուար 27, 1988-ին, իսկ երկրորդը՝ Խոճալուի ջարդը՝ Փետրուար 25-26, 1992-ին: Չորս տարի կը բաժնեն այս երկու դէպքերը, որոնք ամենայն…














