
Հոկտեմբեր 13ի այս օրը, 95 տարի առաջ, Լենինի Ռուսաստանն ու Քեմալի Թուրքիան Խորհրդային Հայաստանին պարտադրեցին ստորագրել Հայկական Հարցը թաղելու կոչուած Կարսի Դաշնագիրը։ Կարսի Դաշնագիրը խորքին մէջ կրկնութիւնն էր, գրեթէ նոյնութեամբ, ամիսներ առաջ՝ 16 Մարտ 1921ին կնքուած Մոսկուայի տխրահռչակ Դաշնագիրին։ Բայց կար կարեւոր եւ հիմնական մէկ տարբերութիւն։ Մոսկուայի դաշնագիրը կնքուած էր պարզապէս Քեմալական Թուրքիոյ եւ Լենինեան…















