107 տարի առաջ, 1905ի այս օրը՝ 11 Մայիսին, Անդրկովկասի նաւթային մայրաքաղաք Բագուի կեդրոնական հրապարակներէն Պարապետի վրայ, 21ամեայ հայ յեղափոխական մը ռումբի հարուածով ահաբեկեց նահանգապետ իշխան Նակաշիձէն։ Երիտասարդ այդ յեղափոխականը Դրաստամատ Կանայեանն էր՝ անզուգական Դրօ-ն, որ այդպէ՛ս, օր-ցերեկով եւ բանուկ հրապարակի մը վրայ, գործադրեց Հ.Յ.Դ. Ոսկանապատի (Բագուի) Կեդրոնական Կոմիտէին տուած մահապատիժի որոշումը՝ հարիւրաւոր անմեղ հայերու կոտորածը…
Պատմութիւն
Դէմքեր եւ իրադարձութիւններ, Պատմութիւն
8-9 Մայիս 1992, Շուշի. Արցախի ազատագրութեան յաղթարշաւին հերոսական խոյանքը
8էն 9 Մայիսը, քսան տարի առաջ, պատմական յիշարժան թուական դարձաւ եւ փառաւոր իր տեղը գրաւեց հայոց ազգային հերոսապատումին մէջ։ 1992ի այս օրերուն, Արցախ աշխարհի հինաւուրց բերդաքաղաք Շուշին ազատագրուեցաւ հայ ժողովուրդի հերոսական զաւակներուն ռազմական բացառիկ սխրանքով։ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս Մայիս 9ին կը մեծարէ «Շուշիի ազատագրման եւ յաղթանակի» պետական տօնը։ Իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական տօնացոյցով՝ Մայիս…
Դէմքեր եւ իրադարձութիւններ, Պատմութիւն
3 Մայիս 1920, Հայաստանի Հանրապետութիւն. Պոլշեւիկներու Մայիսեան խռովութիւններն ու աններելի հայրենադաւութիւնը
Մայիսի առաջին օրերը, 92 տարի առաջ, պատմական մեծ նշանակութեամբ յատկանշուող տագնապալի եւ դաժան օրեր եղան Հայաստանի մէջ՝ կործանարար հետեւանքներ ունենալով այնքա՜ն զոհաբերութեամբ նուաճուած նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան հետագայ հոլովոյթին վրայ։ Մայիս 1ի Աշխատաւորական Օրուան տօնախըմբութիւնները, 1920ին, Երեւանի մէջ սկսան արտասովոր ծանր մթնոլորտի մէջ։ Քանի մը օր առաջ՝ 28 Ապրիլին խորհրդայնացած Ատրպէյճանի կարմիր իշխանութիւնները վերջնագիր յղած էին…
Դէմքեր եւ իրադարձութիւններ, Պատմութիւն, Տեսադարան
Նեմեսիս գործողութիւն
ՀՀ Հանրային հեռուստատեսութեան՝ Հ1-ի «Ինչու է աղմկում անցյալը» վաւերագրական կինոների շարքից՝ «Նեմեսիս»ը (բացթողումներով եւ յաւելումներով հանդերձ)։ Ներկայացվել է Նարեկ Դուրյանի «Նեմեսիս օպերացիա»ն
Դէմքեր եւ իրադարձութիւններ, Պատմութիւն
«ՆԵՄԵՍԻՍ»ը՝ Պահանջատէր հայութեան պատասխանը Ապրիլ 24ին. Դաշնակցութեան ԿԱՄՔին ահաբեկիչ դարբինները
Մեծ Եղեռնի 97ամեակին նուիրուած յուշատետրի այսօրուան էջը իր լուսարձակները կը կեդրոնացնէ ԱՊՐԻԼ 24ին տրուած պահանջատէր հայութեան պատասխանին վրայ, որ Դաշնակցութեան ԿԱՄՔով կնքուեցաւ «ՆԵՄԵՍԻՍ» անունով եւ բարձրադիր տեղ գրաւեց հայոց նորագոյն պատմութեան լուսաշող նուաճումներու շարքին։ Հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ծանրագոյն ոճիրին՝ Հայասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուներու արդարահատոյց ահաբեկումներուն առանձին առիթներով անդրադարձ կատարուած է յուշատետրի էջերէն։ Այսօրուան…
Դէմքեր եւ իրադարձութիւններ, Պատմութիւն
Դանիէլ Վարուժան (Չպուքքեարեան, 1884-1915). Հայ ժողովուրդի բանաստեղծական հանճարին նահատակութիւնը
Ապրիլ 20ի ծնունդ է հայ գրականութեան հանճարեղ մեծերէն Դանիէլ Վարուժան։ 1884ին ծնած՝ Դանիէլ Վարուժան միայն 31 տարի կրցաւ վայելել իրեն տրուած կեանքի ժամանակը։ Թրքական պետութիւնը բրտօրէն կտրեց կեանքի թելը Հայկեան Հանճարի ամէնէն շքեղ ու վսեմաշուք քերթողին։ Դանիէլ Վարուժան դարձաւ առաջին նահատակներէն մէկը հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան։ Եղաւ 24 Ապրիլ 1915ին ձերբակալուած եւ…
Դէմքեր եւ իրադարձութիւններ, Պատմութիւն
Ապրիլ 24ը եւ Ա. Վռամեանի մարգարէական կանխատեսումը
Ապրիլ 24ի նախօրէին, հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան վերաբերեալ մեր նորագոյն պատմութեան էջերը թերթատելով, ընթերցողին ուշադրութիւնը վստահաբար պիտի գրաւէ Մեծ Եղեռնի առաջին նահատակներէն Ա. Վռամեանի հռչակաւոր մարգարէական կանխատեսումը. – «Թուրքիոյ, Կովկասի եւ Պարսկաստանի մէջ ապրող հայը գիտնալու է այսօր, որ ահեղ դաւադրութիւն մը կայ իրեն դէմ, միլիոնաւոր մոլեռանդներու լռելեայն համաձայնութիւնը կռնակ ունենալով. Թաթարներու…
Դէմքեր եւ իրադարձութիւններ, Պատմութիւն
17 Ապրիլ 1922. Պեհաէտտին Շաքիրի եւ Ճեմալ Ազմիի ահաբեկման 90ամեակը
Ապրիլի 17ի այս օրը, իննիսուն տարի առաջ, Պերլինի փողոցներէն մէկուն վրայ արդարագոյն մահապատիժի ենթարկուեցան, միաժամանակ, Պեհաէտտին Շաքիր ու Ճեմալ Ազմի անունով թուրք պետական ղեկավար երկու պատասխանատուներ, որոնք 1915ին հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան գլխաւոր յղացողներէն, կազմակերպիչներէն եւ գործադրողներէն էին։ Յատկապէս բժիշկ Պեհաէտտին Շաքիր ոչ միայն գլխաւոր պատասխանատուն էր Հայասպանութիւնը պետականօրէն կազմակերպելու եւ գործադրելու…
Դէմքեր եւ իրադարձութիւններ, Պատմութիւն, Տեսադարան
Արշաւիր Շիրակեան

Հայ ժողովուրդի ազգային հերոսներու փաղանգին մէջ իր առանձնայատուկ տեղը ունի Արշաւիր Շիրակեան, որուն մահուան 39րդ տարելիցը կ՛ոգեկոչենք Ապրիլ 12ին: Արշաւիր Շիրակեանի անունը անքակտելիօրէն կապուած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան որոշումով կեանքի կոչուած «Նեմեսիս» ծրագրին հետ, որ մեր ժամանակներու հայոց ազգային յիշողութեան գլխաւոր անկիւնաքարերէն մէկը հանդիսացաւ: 1919ին, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանի մէջ գումարուած ՀՅԴ 9րդ Ընդհանուր…
Դէմքեր եւ իրադարձութիւններ, Պատմութիւն
Վանայ Իշխան (1883-1915). Հայ ազատագրական շարժման Գաղափարի Մարտիկը
Մեծ Եղեռնի պետականօրէն ծրագրման ու կազմակերպման նախանշաններէն մէկը տրուեցաւ 1915ի այս օրը՝ Ապրիլ 3ին, երբ Վանի օրուան կուսակալ Ճեւտէթ Պէյի սադրանքով դաւադրաբար սպաննուեցաւ Վանայ Իշխանը՝ իր երեք զինակիցներով։ Օրին, սակայն, Վանէն դուրս՝ Պոլսոյ մէջ թէ այլուր, իբրեւ այդպիսին չընկալուեցաւ հայ ազգային-ազատագրական շարժման Գաղափարի Մարտիկին ու հայկական յեղափոխութեան մարտունակութիւնը խորհրդանշող դաշնակցական հսկային դէմ կատարուած պետական ոճրագործութիւնը։…






