
Մարտ 28ի չարաբաստիկ այդ թուականէն ասդին թէեւ անցած են երկար տարիներ, որոնց ընթացքին ամբողջ աշխարհակարգ մը փոխուեցաւ, այսուհանդերձ՝ մեր սերունդներու յիշողութեան մէջ դեռ չէ սպիացած գաղափարական այն խոցը, որ առաջացաւ Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգման, անհետացման ու սպանութեան անարգ ոճիրով։ Երկար տարիներ անցած են ա՛յս օրէն՝ 28 Մարտ 1985էն ի վեր, երբ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի թոհուբոհին մէջ,…






