
Աննախընթաց մեծ թիւով համակիրներու, հիւրերու եւ կուսակցականներու ներկայութեան, ՀՅԴ 127-ամեակը պատշաճ շուքով նշուեցաւ Գահիրէի մէջ Ուրբաթ, 16 Փետրուարի երեկոյեան Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր» ակումբի «Լ. Եւ Ս. Գարագաշեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ տեղւոյն մարմինին։ Արդարեւ, ինչպէս տասնամեակներու աւանդութիւնն է, Դաշնակցութեան Օրը հարիսայի հիւրասիրութիւն կը կատարուի, ի յիշատակ Խրիմեան հայրիկի հռչակաւոր պատգամին։ Հանդիսութեան ներկայ էին Եգիպտոսի Հայոց թեմի առաջնորդ…















