
«Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանը հայ-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն հարցով հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերով գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի հետ: Պատասխանելով այն հարցումին, որ ներկայ իրավիճակը որքանո՛վ կարելի է նախապատերազմական կացութիւն մը նկատել, Մանոյեան ըսաւ, որ ճիշդ է, թէ լարուածութիւնը անցեալին համեմատած բաւական բարձր մակարդակի է, սակայն դժուար է…















