Քննարկում

Ակնարկ. Պոլիվիան Եւ Հայոց Հայրենազրկումը

Պոլիվիան հարաւային ամերիկեան տարածաշրջանի չորրորդ երկիրն է, որ կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Առաջին հարցումը հետեւողին համար այն է, որ Պոլիվիան ի տարբերութիւն Ուրուկուէյի եւ մանաւանդ Արժանթինի չունի հայկական գործօնի տարողունակութիւնը, քանակը եւ քաղաքական լծակի հանգամանքը: Այս տարբերութիւնը կայ նոյնիսկ Վենեզուելայի հետ համեմատութեամբ: Կարելի չէ անշուշտ բացարձակ հաստատումներ կատարել այն շարժառիթներուն մասին, որոնք Պոլիվիոյ խորհրդարանի երկու…

Ակնարկ. Կանխահաս Սպառնալիք Եւ Հաւանական Հետեւանք

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին կատարած քաղաքական սպառնալիքը, ուղղուած` Միացեալ Նահանգներուն, կը յիշեցնէ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ հերթական բանաձեւի քննարկման նախօրեակին Անգարայի բեմադրած արարը: Կը հետեւին այլ արարներ նման պարագաներու: Բանաձեւի քուէարկութենէն անմիջապէս առաջ Անգարան կը սաստկացնէ իր սպառնալիքները. եթէ բանաձեւը անցաւ` տուն կը կանչէ տեղւոյն իր դեսպանը: Կիսապաշտօնական ամպիոններէ կը սկսին լսուիլ տուեալ պետութեան հետ կնքուած առեւտրական…

Ակնարկ. Այո՛, Վե՛րջ Ազրպէյճանական Ֆլեշ Մոպերուն

12 նոյեմբերին հայկական խոցուած ուղղաթիռի օդաչուներու դիակներու հայրենիք վերադարձի գործողութիւնը կ՛առանձնանայ հայկական ռազմարուեստի պատմութեան մէջ: Գուցէ նաեւ ոչ միայն հայկական ռազմարուեստի: Գործողութեան կազմակերպման, նախապատրաստման, իրականացման եւ կատարողականութեան որակի ռազմագիտական վերլուծումները մասնագիտական մօտեցումներ կը պահանջեն: Պարզ է եւ յստակ այս պահուն, որ ուղղաթիռի վայրի ապաշրջափակումը, ազրպէյճանական ծուղակի չէզոքացումը, ազրպէյճանցի զինուորներու ոչնչացումը եւ հայ օդաչուներու դիակի եւ…

Դաշնակցութեան Օրուան Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն

Խաչերեան. «Կոչ Կ՛ուղղենք Հայաստանի Իշխանութիւններուն` Նեմեսիսի Հերոսներուն Աճիւնները Հայրենիք Վերադարձնելու» Նալպանտեան. «ՀՅԴ-ն Կը Պահէ Իր Կոչումը` Ըլլալով Յեղափոխական, Ազգային Ու Ընկերային Արդարութիւն Հետապնդող Կուսակցութիւն» Իր 124 տարուան պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդին ծոցէն ծնունդ առած ու անոր համար գործող կուսակցութիւնը, ազգային քաղաքական ուղղութեան մէջ անշեղ մնացողը, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ներկան ու ապագան իր հիմնական նպատակը…

Զորավարի վերադարձը

Կատարվեց մեծ հայրենասերի ու ռազմական գործչի վերջին երազանքը: 2014 թվականի նոյեմբերի 20-ին, մահվանից 74 տարի անց Սեպուհի (Արշակ Ներսիսյան) աճյունասափորը կտակի համաձայն, ամփոփվեց հայրենի հողում՝ Արարատին հանդիման, հայոց նոր ազատամարտի՝ արցախյան նահատակների կողքին: Այնտեղ ուր նրա հարեւանությամբ, արդեն իսկ վերջին հանգրվանն են գտել Անդրանիկն ու Սոսեն: Հայոց հողը հարստացավ իր եւս մեկ նվիրյալ զավակի մասունքներով:…

Զորավար Սեպուհի աճյունն ամփոփեցինք հայրենի հողում

Հայաստանում քչերը գիտեին, որ այսպիսի ձեռնարկ է հասունանում, որ պատրաստվում են հեռավոր Ամերիկայից Հայաստան բերել եւ հայրենի հողին հանձնել մեծ հայի, իր ազգի երախտավորի աճյունասափորը: Դա էլ 1940-ին վախճանված Սեպուհի վերջին կամքն է եղել` ամփոփվել իր անկախ հայրենիքում: Եվ արարողությունը, որ երեկ կազմակերպվել էր Եռաբլուր պանթեոնում, հիրավի հպարտություն էր ներշնչում: Կատարում էինք մեր պարտքը եւ…

«Ազդակ»ի Խմբագրական. Մե՛ր Աշխատակարգի Սկզբունքը

(ՀՅԴ 124-Ամեակին Առիթով) Ժամանակակից աշխարհի բերած յարափոփոխութեան հետ անհատական թէ հաւաքական մակարդակներու վրայ քայլ պահելը դիւրին գործ չէ: Առաւել եւս, երբ հարցը կը կեդրոնանայ գաղափարական արժեհամակարգերուն վրայ, որոնք առանցքային գիծեր պահելու դժուարին պայքարը կը մղեն այս օրերուն: Ներկայ ժամանակները յատկանշուած են տեղեկացուածութեամբ, բաց համակարգով, փոխներգործօնութեամբ (interactivity) եւ այս բոլորին իրականացման համար գերարագութեամբ: Համաշխարհային ներկայ կանոնները…

Ակնարկ. Երեւանը Մեկուսացուող Մոսկուայի Եւ Ապամեկուսացուող Թեհրանի Միջեւ

Հիւլէական թղթածրարի հարցին շուրջ միջազգային ընտանիքի 6+1 ձեւաչափով տարուող բանակցութիւնները այն տպաւորութիւնը կը ստեղծեն, թէ կը միտին Իրանի ապամեկուսացման: Նախադրեալները կը յուշեն, որ Արեւմուտքը, յատկապէս Միացեալ Նահանգներ, ելքեր կը փնտռէ Իրանի հետ յարաբերութիւններու նոր էջ բանալու: Հիւլէականի հետ կապուած իւրանիոմի հարստացման սահմանափակումի պահանջներն ու ընդառաջումներու ելեւէջները հիմնովին քաղաքական շարժառիթներ ունին: Ընթացքը այնպէս է, որ Ռուսիոյ…

Ակնարկ. Միջազգային Երաշխաւորութեամբ Գործարկել Ստեփանակերտի Օդակայանը

Հայկական ուղղաթիռի խոցումը ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ զինադադարի հերթական խախտումներու ծիրէն դուրս կու գայ. ոչ անպայման այն իմաստով, որ ասիկա արձակազէններու գործողութիւններէն կամ անդադրում կրակահերթերէն տարբեր է: Այլ` յատուկ քաղաքական նպատակ հետապնդող քայլ է, առնուած Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ: Դէպքի հանգամանքները պարզելը անշուշտ օգտակար է: Նկատելը, որ զինուած ուղղաթիռ չէր, որ ազրպէյճանական սահմանը չէր հատած, որ Ազրպէյճան…

Ակնարկ. Ժխտումի Համակարգող Կեդրոններ

«Ազերնիուզ»-ի հրապարակած լուրը, որուն համաձայն, Ազրպէյճանի իշխանութեանց նախաձեռնութեամբ, ազրպէյճանական սփիւռքը համակարգող կեդրոններ պիտի բացուին աշխարհի տարածքին, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Ուքրանիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ, հաւանաբար հիմնական նորութիւն չփոխանցէ: Ազրպէյճանական սփիւռք դասական հասկացողութեամբ գոյութիւն չունի. այս նախաձեռնութիւնը զուգահեռ բնոյթ ունի Անգարայի փորձին: Լրատուութիւններուն հետեւողները կը յիշեն անպայման, որ Թուրքիա քանի մը անգամ համագումարներ կազմակերպեց թրքական սփիւռքը…