
Սեւրի դաշնագիրն ու ուիլսընեան իրաւարար վճիռը մեր իրաւական պահանջատիրութեան գագաթնակէտը կարելի է նկատել: Սակայն իրաւական այս փաստաթուղթը, որ ըստ միջազգային օրէնքի փորձագիտական մեկնաբանութիւններուն, անբեկանելի է եւ առ այդ կը շարունակէ պահել իր վաւերականութիւնը, այլ կարեւոր խորհուրդ եւ ուղերձ կը փոխանցէ: Իրաւական մեր պահանջատիրութիւնը կրնայ բարձրակէտի հասնիլ, հայ իրաւագիտական միտքը կրնայ փայլուն թղթածրար պատրաստել, ուր մեր…















