
Քեսապի դէպքերուն առնչութեամբ կը թուի, որ տեղեկատուական պատերազմը Սուրիոյ մէջ իր գագաթնակէտին հասած է։ Խօսքը չի վերաբերիր միայն պատերազմի առաջին օրէն սկսեալ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն դիրքեր գրաւել-վերագրաւել անվերջանալի հաստատուող-հերքուող (ապա)տեղեկութիւններու շղթային։ Մէկ կողմէ Անգարան քաղաքական անհեթեթութեան նմուշներ կը հրամցնէ ոչ միայն իր տարածքներէն դէպի Քեսապ թափանցման գործողութիւններուն նկատմամբ պիղատոսութիւն ցուցադրելով, այլ տարհանուած քեսապահայութիւնը «հիւրընկալ» Թուրքիա հրաւիրելով։ Պաշտօնական…















