
Տապլինի մէջ ընթացող ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդաժողովի ընթացքին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յայտարարեց. «Գոյութիւն ունի շարժում դէպի տարածաշրջանի խորհրդայնացում: Ի հարկէ, գործընթացը այսպէս չի կոչուիր: Անոր անունը կրնայ ըլլալ «Մաքսային միութիւն» կամ «Եւրասիական միութիւն» եւ այլն: Մոլորութեան մէջ չիյնանք: Մենք գիտենք ինչ է նպատակը, եւ մենք կը փորձենք մշակել արդիւնաւէտ ուղիներ,…















