Քննարկում

Երկար Ճամբու Մը Սկիզբն Ենք

Երկուշաբթի, 17 Յուլիս 2017ին, Երեւանի մէջ կայացած Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի միացեալ նիստէն բխած յայտարարութիւնը բազմաթիւ ուշագրաւ կէտեր կը պարունակէ։ Յայտարարութիւնը տեղադրուած է ARFD.am եւ դաշնակցական մամուլի այլ էջերու վրայ ու կարելի է ամբողջութիւնը կարդալ հոն։ Յօդուածի մը սահմաններու մէջ կարելի չէ սպառիչ վերլուծումը կատարել հոն տեղ գտած կէտերուն եւ առաջադրանքներուն։ Սակայն կ’արժէ…

Ակնարկ. ԳՕՏԻՆԵՐ (Ոմանց Համար Լարուածութեան Մեղմացման, Այլոց` Անվտանգութեան, Ուրիշներու` Արգելակման)

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնը, թէ Ուաշինկթընն ու Մոսկուան Սուրիոյ մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիներու հաստատման ընթացքին պիտի երաշխաւորեն, որ Իսրայէլի շահերը նկատի առնուին, ուշագրաւ մեկնաբանութիւններու տեղի տուաւ: Լաւրով խորքին մէջ կ՛արձագանգէր Իսրայէլի վարչապետին այն յայտարարութեան, որուն համաձայն, Թել Աւիւ կը մերժէր Սուրիոյ մէջ իրանեան ներկայութիւնը երկարաձգող զինադադարի հաստատման վերաբերեալ ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը: Թեհրանի ներկայութիւնը Իսրայէլի անմիջականութեան…

Ակնարկ. Անթափանցելի Սահմաններ Եւ Ներքին Ապահովութիւն

Լիբանանեան բանակը կը նախապատրաստուի Արսալի ճակատամարտին: Որոշ ժամանակէ ի վեր արդէն Լիբանանի զինեալ ուժերը բազմաթիւ յաջող գործողութիւններով կը շարունակեն կանխարգիլել ահաբեկչութեան թափանցումը Լիբանան: Տարածաշրջանի զինուորական իրադարձութիւնները կը յուշեն, որ երբ սահմանները թափանցելի դառնան, երբ ոտնձգութիւնները շատնան, ահաբեկիչներու ելումուտը հեզասահ կը դառնայ եւ իրողապէս խնդրոյ առարկայ կը դառնայ որեւէ երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը: Սահմաններու անսասանութիւնը երկրի գերիշխանութեան…

Ակնարկ. Քաղաքական Պահու Հասունացման Տեսութիւնը

Ազրպէյճանի ռազմական յանցագործ ըլլալու դիմագիծին մասին հաստատումները սկսած են հնչել միջազգային կառոյցներու մէջ: Ապրիլեան պատերազմի ընթացքին կատարուած բարբարոսութիւններուն մասին թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան համապատասխան գերատեսչութիւնները դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու եւ միջազգային կառոյցներու ուղարկած էին թղթածրար Ազրպէյճանի կողմէ ի գործ դրուած ամէնէն անմարդկային վայրագութիւններուն: Փաստացի այս տուեալները, լուսանկարները եւ պատերազմական օրէնքները գլխիվար շրջող բոլոր աքթերուն համարժէք…

«Ապառաժ»-ի խմբագրական. Համագործակցությունն անշրջելի է

2017 թվականի հուլիսի 19-ին Արցախի Հանրապետության նախագահի ընտրության օրն է: Այս նախագահական ընտրությունները կատարվելու են Ազգային ժողովի միջոցով: Անկախ Արցախի պատմության մեջ սա երկրորդ անգամն է, որ Ազգային ժողովն ընտրում է Հանրապետության նախագահ: Այս նախագահական ընտրությունները կարելի է համարել անկյունադարձային՝ 2017 թվականի փետրվարին Արցախի ժողովրդի հավանությանն արժանացած Սահմանադրությանն անցնելու տեսակետից: Այժմ, արդեն իսկ առարկայորեն կարող…

Յամեցող հակադաշնակցականութիւնը

(ՍԱՄՈՒԷԼ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԻ ՊԱՐԱԳԱՆ) Մինչ մեր ժողովուրդը Հայաստանի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին կը պատրաստուի մեծ շուքով նշելու Հայաստանի Հանրապետութեան հարիւրամեակը, հայրենի որոշ պետական այրերու, քաղաքական շրջանակներու եւ մտաւորականներու մօտ նշմարելի կը դառնայ մեր անկախ պետականութեան կայացումը լիարժէք կերպով չընկալելու եւ մեր հանրապետութեան հիմնադիր սերունդի բախտորոշ դերակատարութիւնը նսեմացնելու դատապարտելի երեւոյթները։ Ազգայնօրէն մտահոգիչ պէտք է ըլլայ նման վերաբերմունք…

Հայաստանի Կեդր. Դրամատունը Լուր Չունի, Որ Գալ Տարի Հարիւրամեակ է

Քանի մը օր առաջ, 11 Յուլիսին, Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը յայտարարեց, թէ որոշած է յառաջիկայ տարի հրապարակել նոր թղթադրամներ, որովհետեւ «ՀՀ գալիք տարի նշելու է դրամաշրջանառութեան՝ ՀՀ ԴՐԱՄի ներդրման 25ամեակը, որի ընթացքում ձեւաւորուել են աւանդոյթներ, որոնք օրինակելի եւ ուսուցանելի են դարձել նաեւ միջազգային մակարդակում»։ Կեդր. դրամատունը կ’աւելցնէ, որ ներկայիս գոածածուող 2րդ սերունդի թղթադրամները «աստիճանաբար իրենց տեղը…

Դաշնակցութեան կազմակերպական խստապահանջութիւնը

Հ. Յ. Դաշնակցութեան համար կարգապահութիւնը հիմնական յատկութիւն է։ Իւրաքանչիւր դաշնակցական մարմին եւ շարքային անդամ յատուկ գուրգուրանք եւ բծախնդրութիւն կը ցուցաբերե կարգապահութեան պահպանման եւ գործադրութեան հարցում։ Այս կազմակերպական իրականութեան ի տես, Դաշնակցութեան էութենէն եւ գործէն անտեղեակ մարդիկ փութկոտութեամբ Դաշնակցութիւնը կը պատկերացնեն իբրեւ բռնատիրական կազմակերպութիւն, իսկ դաշնակցականները՝ իբրեւ հլու կամակատարներ։ Անտեղեակութեան, չըսելու համար տգիտութեան արդիւնք են նման…

Որո՞ւ Կը Ծառայեն (Իբրեւ Թէ) Խաղաղասիրական Կոչերը

Յստակացնենք սկիզբէն՝ մեր ըսելիքները կ’առնչուին վարքագծային ու քաղաքական կեցուածքներու եւ ոչ թէ զգացական դրսեւորումներու։ Օրինակի համար, անիմաստ բան է ըսելը, որ այսինչ ժողովուրդը շատ ռազմապաշտ է, կամ խաղաղապաշտ։ Այդպիսի բան չկայ։ Բայց կա՛ն ռազմապաշտ, կամ խաղաղամէտ քաղաքականութիւն վարող, այդպիսի վարքագիծ ունեցող պետութիւններ, քաղաքական միաւորներ։ Օրինակի համար, նացի Գերմանիան ռազմապաշտ էր. սակայն չկարծենք որ իր ոխերիմ…

Ակնարկ. Հայկական Կողմը Ի՛նք Կ՛իրականացնէ Վիեննայի Եւ Փեթերսպուրկի Որոշումները

Պուլկարական թերթի մը կատարած փաստաթուղթերու գաղտնազերծումը, որ ի յայտ կը բերէր Պաքուէն կատարուած զէնքի անօրինական վաճառքը, շեշտակիօրէն կ՛ընդգծէր Պաքուի օժանդակութիւնը տարբեր երկիրներու մէջ գործող ահաբեկչական խումբերու: Սուրիական դէպքերու ծաւալման սկզբնական շրջանին լուր հրապարակուեցաւ, որ իսլամ ահաբեկիչներուն Ազրպէյճանի իշխանութիւնը 500 միլիոն տոլար փոխանցած է: Այլ ժամանակ հրապարակուեցաւ նաեւ այն բացայայտումը, որ Կովկասէն իսլամականներուն միացող ահաբեկիչներու գործունէութիւնը…