
Թրքական «թ24» կայքը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ մէջ 15 յուլիսի յեղաշրջման փորձէն ետք երկրին դիւանակալական համակարգէն հեռացուած տասնեակ հազարաւոր կիւլենականներուն պիտի փոխարինեն Ազգայնական շարժում կուսակցութեան մօտիկ անձեր: Այս տեղեկութիւնը Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն համար կարելի է նկատել «մեծ աւետիս» մը: Այդ փոքրամասնութիւններուն անդամ քաղաքացիները առաւել մեծ դժուարութիւններու պիտի հանդիպին պետական գործառնութիւններու ընթացքին: Անոնց ամէնէն պարզ գործողութիւններն իսկ կրնան…















