Քննարկում

Քալիֆորնիոյ Հայութեան Ներքին Դրուածքը (ԽՆԴԻՐՆԵՐ ԵՒ ԼՈՒԾՄԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ)Գ.

Այս յօդուածաշարքի Բ. մասով խօսեցանք 70ականներու կէսերէն սկսեալ Հայաստանէն դէպի Քալիֆորնիա տեղի ունեցած արտագաղթին մասին, ընդգծելով, թէ երկրէն դուրս ելլողները ընդհանրապէս ներգաղթողներն էին: Հոս պէտք է աւելցնենք, որ ասոնց շարքին էին նաեւ Պարսկաստանի հայաշատ քաղաքներէն եւ գիւղերէն Հայաստան ներգաղթածները: Սա‘ իբրեւ արտագաղթի առաջին ալիք: Երկրորդ ալիքը սկսաւ 90ական թուականներուն, երբ Հայաստանի ու ամբողջ հայկական աշխարհին…

«Հայրենիք»ի Խմբագրական. Տողանի Քննադատական Տողանցքը

Անգարայի մէջ, Դեկտեմբեր 19-ին կատարուածը կրնայ կրկնուիլ, եւ դժբախտաբար այս ընթացքով պիտի կրկնուի: Արդարեւ, Թուրքիոյ մէջ Ռուսաստանի դեսպան Անտրէյ Քարլովի ահաբեկումը, այնքան «դիւրութեամբ» իրագործուեցաւ, որ կրնայ այս խառնիճաղանճ կացութիւնը գործի լծել այլ մութ ձեռքեր, թիրախ ունենալով այլ անձեր, այլ նպատակներ: Այս զարհուրելի դէպքէն առաջ իսկ, Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը ահազանգ հնչեցուցած էր Միջազգային ընտանիքին, տեղեկացնելով…

Ակնարկ. Թէ՛ Դէպի Եւրասիա Եւ Թէ՛ Դէպի Եւրոպա

Իրանեան բարձրագոյն մակարդակով մեր երկիր տրուած այցելութիւնը ինչպէս քաղաքական, այնպէս նաեւ տնտեսական առումով ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունի եւ բնականաբար չի սահմանափակուիր փրոթոքոլային արարողակարգային կամ ընթացիկ աշխատանքային հանդիպումներու ճշդած օրինաչափութիւններուն մէջ: Խորքին մէջ ապամեկուսացման ճամբան բռնած Իրանի առաջին կարեւոր դրսեւորումն էր ասիկա, որ որքան Իրան-Հայաստանի Հանրապետութիւն, նոյնքան եւ աւելի Իրանի` դէպի արտաքին աշխարհ եւ Արեւմուտք նոր…

Հրայր Մարուխեան` Հայութեան Բոլորանուէր Մարտիկը

Ուղիղ 18 տարի առաջ, Դեկտեմբեր 21, 1998ին, մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ մեծ Հայ մը, որու անունն էր Հրայր Մարուխեան։ Հայրենիքն ու հայութիւնը կորսնցուցին անզուգական առաջնորդ մը։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կորսնցուց դիւթական հեղինակութիւն մը։ Երբ խօսէիր ընկ. Հրայրի հետ, չէիր կրնար խուսափիլ իր դիւթական հեղինակութենէն: Երբ գործէիր իրեն հետ, չէիր կրնար դիմադրել աշխատանք վարակող իր օրինակին: Երբ…

Ակնարկ. Նորացուած «Պատերազմ Թէ՞ Խաղաղութիւն»-ը

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահի ելոյթը Հայ ազգային քոնկրեսի (ՀԱՔ) երկրորդ համագումարին կը շարունակէ հրապարակային քննարկումներու, աւելի շատ գրառումներու տեսքով ողողել համացանցը: Բնականաբար ալ այդպէս պիտի ըլլար: Միանգամայն յստակացնենք, որ Տէր Պետրոսեանի մօտեցումով պէտք չէ հայեացքներու մօտեցումները ընդհանրացնել, բացարձակացնել եւ մտածողութիւններուն անհեթեթութիւնը ընդգծելու համար սեփական միտքէն դուրս այլ տեսակէտի սով նկատել ու անվերջ շեշտել միակ դեղատոմս…

«Լիբանանահայութեան Համեստ Դասակարգին Զաւակներէն Եմ Եւ Պիտի Ծառայեմ Բոլոր Քաղաքացիներուն» Շեշտեց Ա. Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան լիբանանեան տարբեր լրատուամիջոցներուն հետ երէկ ունեցաւ շարք մը հարցազրոյցներ, որոնց ընթացքին շեշտեց, որ աշխատանքային առումով ինք կը գործէ «Ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին համար» կարգախօսով: Ան դիտել տուաւ, որ իրեն համար զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը մարտահրաւէր մըն է` աւելցնելով, որ ինք ունի աշխատանքային ծրագիր մը` գրաւելու համար օտար եւ յատկապէս Ծոցի երկիրներու զբօսաշրջիկներուն ուշադրութիւնը: Կիտանեան…

Հոլանտան` Իրաւաքաղաքական Թիրախային Միջավայր

Շահան Գանտահարեանի Խօսքը ՀՅԴ 126-Ամեակին Առիթով Տասնամեակներ շարունակ մեր տօնը նշուած է ընդհանրապէս պատմութեան մէջ հայ ազգային ազատագրական շարժման առաջնորդ կուսակցութեան իրագործած հիմնական պատմակերտ դէպքերու նշումով, դաւանած գաղափարաբարոյական արժէքներու ընդգծումով, եւ ապա` ժամանակակից համազգային խնդիրներու լուսաբանումով: Հետզհետէ հասնելով այսօր Դաշնակցութեան օրը առիթ է ներկայանալու հանրութեան եւ ներկայացնելու հայկական աշխարհի ամենանորագոյն իրադարձութիւններուն առնչութեամբ մեր կուսակցութեան որդեգրած…

Լեւոն Տէր Պետրոսեան` ի բերանոյ քումմէ

Տխուր փորձառութիւն էր հետեւիլ Հայ Ազգային Կոնգրէսի (ՀԱԿ) 2-րդ Համագումարին վերանկախացած Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի Դեկտեմբեր 17-ի ելոյթին։ Տխուր եւ միաժամանակ ցաւալի էր։ Մեր առջեւ պարզուեցաւ քաղաքական առաջնորդ մը, որ ճիգ չէր խնայեր ինքզինք ներկայացնելու իբրեւ պարտուողականութեան գաղափարակիր։ Իրեն յատուկ յոխորտանքով կը կատարէր ան իր պարտուողականութեան թէզին ներկայացումը։ Իրեն յատուկ մեծամտութեամբ կը յաւակնէր…

Արա Տեմիրճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով .- Սրտի Խօսք

Իր մէջ կար պիրկ, խտացեալ, հազուադէպօրէն բառերու վերածուող գաղափարը, որ այնուամենայնիւ կ՛արտայայտուէր դաշնակցական մարդու յատուկ իր խստակեցութեամբ: Անոր օրը կ՛անցնէր մեր ուխտի հնոցին մէջ, ուր թէժ իրականութիւնն է, եւ ուր խօսքերը կը կշռեն ծանր: Իր ստանձնած պատասխանատուութիւններուն բերումով, Արան անցած էր մեր կեանքի բոլոր տեղաշարժներէն, դիմագրաւած` հարցականները, դիմացած` ժամանակի տարերային փլուզումներուն: Եւ քանի որ մեր…

Քալիֆորնիոյ Հայութեան Ներքին Դրուածքը (ԽՆԴԻՐՆԵՐ ԵՒ ԼՈՒԾՄԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ)Բ.

Մեր նախորդ յօդուածով անդրադարձանք այն փաստին, որ Քալիֆորնիոյ հայութիւնը կը կազմէ մեծ խճանկար մը՝ բազմաթիւ երկիրներէ եկած հայերու: Նաեւ ըսած էինք, թէ իւրաքանչիւր խումբ իր հետ բերած է տուեալ երկրի ազդեցութիւնները, մտածողութեան, նիստուկացի, լեզուական, մշակութային եւ կենցաղային բնագաւառներէ ներս: Հիմա անցնինք իւրաքանչիւր խմբաւորումի՝ առանձին առանձին: Առաջին հերթին սկսինք Հայաստանէն եկածներով, որոնց մասին կայ այն թիւր…