
«ԱՐԵՒԵԼՔ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ՝ ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԱԽԿԻՆ ԱՆԴԱՄ, ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԳՈՐԾԻՉ ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆԻ ՀԵՏ «ԱՐԵՒԵԼՔ».- Ի՞նչ մթնոլորտ կը տիրէ ԱՄՆի մէջ՝ նախագահական ընտրութիւններէն առաջ, մասնաւորապէս՝ ԱՄՆ հայկական համայնքէն ներս: ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ.- Պէտք է շեշտեմ, որ ԱՄՆի նախագահական ընտրութիւններու գործընթացը այս տարի աննախադէպօրէն բեւեռացուած է եւ ջղաձիգ: Սկզբունքով, ընտրապայքարը տեղի կ՛ունենայ Դեմոկրատ (Հիլարի Քլինթըն) եւ Հանրապետական (Տանըլտ Թրամփ) կուսակցութիւններուն…















