
Յանկա՛րծ Հայաստանի կառավարութեան պատասխանատուները անկեղծացած են ու սկսած ճշմարտօրէն ներկայացնելու երկրի տնտեսական ծանր վիճակը: Կարդացէ՛ք այսօրուան մեր թիւին մէջ ֆինանսի նախարարի յայտարարութիւնները (չորրորդ էջ) եւ կը տեսնէք, թէ ի՛նչ տարողութիւն ունի Հայաստանի տնտեսական ճգնաժամը: Հակառակ այս ահազանգային «բացայայտում»ին, տարօրինակ լաւատեսութիւն մը կը պատէ ներաշխարհս: Կ՛ենթադրեմ, որ աղբիւրը այս լաւատեսութեան այն յոյսն է, թէ՝ վերջապէս իշխանութեան…















