
Թրքական «Հիւրրիեթ» թերթը 15 սեպտեմբերին տեղեկութիւն տարածած էր, թէ Թուրքիոյ նախագահը հեռաձայնած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին եւ խնդրած վերադարձնել հայ-թրքական սահմանը հատած եւ ձերբակալուած 16-ամեայ հովիւը: Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքած էր թրքական լրատուամիջոցներու տարածած տեղեկատուութիւնը: Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին հերքումը վերահաստատած էր նաեւ վարչապետը: Վերջին շրջանին դէպի հայկական կողմը իրերայաջորդ սահմանի հատման պարագաներ…













