Քննարկում

Անհրաժեշտ փոփոխութիւն մը

Անընդհատ կը խօսինք աշխարհի մէջ յառաջացած փոփոխութիւններուն մասին։ Մենք մեզի ճգնաժամի մէջ կը զգանք եւ կ՚ընկալենք թէ մեր աշխարհը փոփոխութեան մէջ կը գտնուի։ Ճգնաժամ եւ փոփոխութիւն անխուսափելիօրէն կը դառնան իրար կապուած հայեցակարգեր։ Անցեալ ամիս Հայաստանը ապրեցաւ վերջին տարիներուն ամենավատ ճգնաժամերէն մէկը, երբ Սասնայ Ծռեր ինքնակոչուած զինեալ խումբ մը, Երեւանի ոստիկանատուն մը բռնի առաւ եւ պահանջեց…

Մեր Ճանապարհը Լուսաւորող

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեանի պատգամը՝ Լիզպոնի Հինգի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին «Բաւեց փշուռ մը տաք ռումբի, որ կործանի հիմնայատակ. Տառապանքի ու պայքարի այնքա՛ն կորով, այնքա՛ն վաստակ»… Քանի մը ամիս առաջ, մեր նահատակներուն նուիրուած երեկոյի մը ընթացքին նորէն յիշեցի Մուշեղ Իշխանի այս բանաստեղծութիւնը: Իր պարզութեամբ, այս քանի մը տողերը կ՛ակնարկեն մարդ արարածի՝ կեանքի փխրուն իրավիճակին,…

Օգոստոս 10… պատմութեան կրկնութի՚ւն

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, հրաւէր ուղղած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգիսեանին, որ Օգոստոս 10ին ներկայանայ Քրէմլընի պալատ: Մանրամասութիւններ չկան: Քաղաքական դէտերը սակայն հարցերու շարան մը կը կապեն այս հրաւերը ծնունդ տուող դրդապատճառներուն, որոնցմէ առաջնահերթութիւնը կը տրուի՝ Արցախ-Ազըրպէյճան խնդրին: Ամէն ժողովուրդ, իր պատմութեան ընթացքին, վերիվայրումներու մէջէն կ’անցնի: Երբեմն յաջողութեամբ, երբեմն ձախողութեամբ դուրս կու գայ հարցերը դիմագրավելէ:…

«Նոր»ի Մը Ծնունդի Երկունքին Մէջ Ենք (Ազգովին)

Մարդիկ շատ շատ պատճառներ ունին Թովմաս առաքեալի նման վերաբերելու նախագահ Սերժ Սարգսեանի վերջին ելոյթին: Ներառեալ այս յօդուածագիրը: Պարոն նախագահը ինք եւս պէտք է լիովին ու ճշգրիտ ձեւով ըմբռնէ այս թերահաւատութեան պատճառները եւ գործէ ըստ այնմ: Խօսքերով բաւարարուելու ժամանակը շատոնց անցած է: Երկար գրուած է Հայաստանի ներկայ քաղաքական կառավարման համակարգի թերութիւններուն մասին: Զայն սրբագրելու օրինական ենթահողը…

Ակնարկ. Փոփոխութեան Զուգահեռ` Հակառակ Ուղղութեամբ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգով կ՛առաջարկուի նախագահական կառավարման ձեւ: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահին կից սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբին կողմէ 30 յուլիսին հանրապետութեան նախագահին ներկայացուած սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգը բաղկացած է նախաբանէ, մարդու եւ քաղաքացիի հիմնական իրաւունքներն ու ազատութիւնները, կառավարման համակարգը, դատական իշխանութիւնը, տեղական ինքնակառավարումը եւ հանրաքուէ բաժիններէ: Հաշուի առնելով հանրային հետաքրքրութիւնը ներկայացուած հայեցակարգի, մասնաւորապէս…

Մեղաւոր է Դաշնակցութիւն

Հայրենիքի մէջ եղբայրասպան կռիւներու առաջքը առնուեցաւ։ Հիմա ժամանակն է բարեկարգելու մեր ժողովրդավար կառավարման եղանակը, բաւարարելու մեր ժողովուրդի սոցիալական ու տնտեսական կարիքները, նաեւ ամրացնելու մեր պաշտպանական կարողութիւնները։ Սակայն, փոխանակ այս հիմնահարցերուն ընթացք տալու եւ լուծումներ գտնելու, երբեմնի բթամիտ մարդիկը արշաւի ձեռնարկած են մեղադրելու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը։ Այո՛, մեղաւոր է Դաշնակցութիւնը, որով ետեւ մերժեց եղբայրասպանութիւնը, որովհետեւ մերժեց…

«Եկել Է Եզրակացութիւններ Կատարելու Ժամանակը»

Այս բառերով կը բնորոշէ նախագահ Սարգսեան ներկայ պահու սուր հրամայականը։ Օգոստոս 1ի իր յայտարարութեամբ, պր. նախագահը կը հաւաստիացնէ, որ ՀՀ կառավարութիւնը որոշում կայացուցած է երկրէն ներս «դրական փոփոխութիւններու (պետական) օրակարգը» «բազմապատիկ արագութեամբ» առաջ տանելու։ Պր. նախագահը նաեւ կը վստահեցնէ հանրութիւնը , որ ինք «այդ մասին շատ աւելի մանրամասն» պիտի արտայայտուի յառաջիկայ օրերուն։ Նախագահական այս հաւաստիքը…

Ակնարկ. Առանց Քաղաքներու Անուանանշումներուն

Հայաստանի Հանրապետութեան հասարակութեան, իշխանութիւններու եւ հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին նախագահ Սարգսեանի փոխանցած խօսքին հետեւեալ բաժինը պէտք է առնել լուսարձակի տակ «Մենք որեւէ մէկին թոյլ չենք տալու, որ քայքայի մեր պետութեան հիմքերը: Զէնքով եւ բռնութեամբ Հայաստանում հարցեր չեն լուծուելու: Երեւանը Պէյրութ կամ Հալէպ չէ: Նախորդ դարաշրջանի` Սառը պատերազմի տարիների լուծումները թող ոչ մէկը չփորձի…

Արխիւային Ռազմավարութիւն

Դաշնակցութեան արխիւները բա՞ց են, թէ՞ փակ, հասանելի՞ են, թէ՞ ոչ: Ահա հարց մը, որ յաճախ օրակարգի վրայ է մանաւանդ ակադեմական շրջանակներու հաւաքներու, քննարկումներու եւ գիտաժողովներու ընթացքին: Դժբախտաբար այս վերջին մէկուկէս տասնամեակին սոյն հարցադրումը իբրեւ քաղաքական լծակ կ’օգտագործուի թրքական ժխտողական մեքենային կողմէ, երբ Պոլսոյ մէջ գտնուող օսմանեան արխիւներուն հասանելիութեան դիմաց ՀՅԴ արխիւներուն «անմատչելի» կարգավիճակը կ՛որակուի որպէս…

Ակնարկ. Վնասի Վերահսկողութիւն

Էրեբունիի գործողութիւնն ու անոր հետեւած Խորենացիի եւ Սարի թաղի դէպքերը պիտի շարունակեն ունենալ իրենց իրաւական, քաղաքական, ընդհանրապէս հասարակական հետեւանքները: Եւ ինչպէս իւրաքանչիւր ցաւոտ կամ լրջօրէն վնասուած իրականութիւն, իրավիճակի փոփոխութեան համար անհրաժեշտ են վնասի վերահսկողութեան (Damage control) գործողութիւններու շարք մը: Ընդ որում ոչ միայն պետութենէն, այլ նաեւ հասարակութենէն ակնկալուած: Իսկ այստեղ առարկայականութիւնը, որ ընդհանրապէս իրադարձութիւնները ճիշդ…