
(ԲԱՅՑ Ո՞ՐՆ Է ՃԻՇԴԸ. ԲԱՑԱՏՐԵՆՔ) Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ուժգնութիւնը հազիւ մեղմացած, տպագիր, հեռասփռուող կամ ելեկտրոնիք մամուլի եւ ընկերային ցանցերու մէջ թափ առին բազմատեսակ քննարկումներ: Սա անշուշտ բնական երեւոյթ է: Այս քննարկումները բնականաբար կ՛ընդգրկէին նաեւ քաղաքական բնագաւառը, եւ որուն առանցքային բաժինը կը վերաբերէր Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին: Ենթաթեքսթային իմաստով ալ, երբեմն Արեւմուտքին: Սա եւս բնական է…














