
Քրտական շրջանակներու դէմ իրականացուած պայթումին պատասխանատուները մատնացոյց ընելով, թրքական կառավարութիւնը մեղադրանքները հասցէագրեց (ՏԱՀԵՇ-ին), ՔԱԿ-ին եւ ծայրայեղ ձախակողմեաններուն: Կառավարամէտ շրջանակներ պայթումին նպատակը կեդրոնացուցին թուրք ժողովուրդի մասնատման նպատակին վրայ: Մասնատում բառը շատ սկսած է հոլովուիլ թրքական կառավարական շրջանակներուն կողմէ: Յատկապէս ընտրութիւններու նախօրեակին միջազգային շրջանակներու կողմէ Թուրքիոյ մասնատումին առաջադրուիլը ուղղակի ամբաստանութիւն էր, հնչած` նախագահ Էրտողանի կողմէ: Հիմա եթէ…















