
Սուրիական տագնապի զարգացման հոլովոյթով, սուրիական Քեսապի եւ քեսապահայութեան վիճակուած դժբախտ իրավիճակին, ներխուժման հետեւանք կատարուած տեղահանութեան, զանգուածային գաղթականութեան հետեւանք ստեղծուած ահագնօրէն ծանր կացութեան դիմաց, համայն հայութեան ցուցաբերած սրտակցութեան համար մնալով շնորհակալ, յանուն քեսապահայութեան` համայն հայութեան եւ աշխարհին կը յայտարարենք.- ա.-Քեսապն ու քեսապահայութիւնը սուրիական հայրենիքի ամբողջութեան մաս կազմելով, այսօր ենթարկուած են սուրիական տագնապի ահաւոր հետեւանքներուն: բ.-Սուրիական տագնապին…












