
Ուրուկուայի խորհրդարանի Միջազգային Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի, ինչպէս նաև ՄԵՐԳՕՍՈՒՐ խորհրդարանի նախագահ, Հայ Դատի պաշտպան և զօրակից Ռուպէն Մարթինէս Ուէլմօ, նամակ մը ստացաւ Արժանթինի և Ուրուկուայի պետութիւններու մօտ Թուրքիոյ դեսպան Թանէր Գարագաասէն, վարչապետ Էրտողանի, մեր բոլորին ծանօթ, Հայոց Ցեղասպանութեան 99-րդ տարեդարձի առթիւ հայութեան և միջազգային հանրութեան յղած ուղերձի լրիւ բովանդակութիւնը, ուր Թուրքիոյ վարչապետը իր “Ցաւակցութիւնը” կը յայտներ…














