
Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի լիբանանահայ կեդրոնական մարմինին կազմակերպութեամբ, երէկ` կիրակի, 17 յունիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ համաժողովրդային տօնակատարութիւն` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին: Ձեռնարկը սկսաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին հնչեցուցած Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով: Ապա ցուցադրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման, անոր համար մղուած ճակատամարտերուն նուիրուած տեսերիզ մը: Բացման խօսքը արտասանեց Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ…















